ANNUAL ARS REGIONAL EXECUTIVE SEMINAR 2011
The annual ARS Regional Executive Seminar took place on April 10, 2011 in Ottawa where more than 150 ungerouhis participated in the event.
ARS CANADA'S VISIT TO THE EMBASSY
ARS Regional Executive and chapter members visited the Embassy of Republic of Armenia on April 10, 2011, where the organization was acknowledged with the following Certificate of Appreaciation by His Excellency Arma Hakopian.
Certificate of Appreciation
Presented to Armenian Relief Society of Canada
For its continuous and valuable support of the Embassy of the Republic of Armenia in Canada
 

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Սեմինար
եւ Միջ-մասնաճիւղային հանդիպում

Գանատայի տարածքին Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ տարեկան դրութեամբ տեղի կ՝ունենար Հ.Օ.Մ.-ի Պատգամաւորական Ժողովը, ուր կու գար համախմբել Գանատայի 10 մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները, ընկերային հաճելի ու շինիչ մթնոլորտի մէջ: Սոյն ժողովը կը նպատակակէր Շրջանային Վարչութեան եւ իր բոլոր մասնաճիւղերու հաշուետուութիւնը կատարել եւ նոր բանաձեւերով նորանոր գաղափար-ներու սլացքներ տալու,կամաւոր աշխատանքով իր իսկ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած եւ դար մը ամբողջ ծառայած այս ՄԵԾ կազմակերպութեան:

Հ.Օ.Մ.-ի 69-րդ եւ Գանատայի Շրջանի 19-րդ Պատգամաւորական ժողովը եկաւ բանաձեւել, յետ այնու երկու տարին ամգամ մը կատարելու Պատգամաւորական ժողովը, ինչ որ գէթ ընկերային կապի ամրապնդման չէր համընկնէր: Առ այդ, Շրջանային Վարչութիւնս գեղեցիկ գաղափարը յղացաւ այս բացթող տարեշրջանին համար «Միջ Անդամական Հանդիպում-Հաշուետուութեան Օր» Սեմինար մը կազմակերպել, ուր կարող էր հակիրճ կերպով ներկայացնել իր տարեկան գործունէութեան տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնականի լայնածաւալ գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը. եւ այս բոլորի կողքին ունենալ դաստիարակչական սեմինար: Եւ ահա, 18 Սեպտեմբեր, 2010-ին, առաւօտեան ժամը 7-ին, պասերը կը շարժին Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի կեդրոններէն,եօթը մասնաճիւղերէ հարիւր ընկերուհիներ համախմբելով Քինկսթընի «Հոլիտէյ Ինն» պանդոկի լճահայեաց սրահին մէջ, հաշուետուութիւն կատարելու եւ այժմէականացման ու վերազարթման տենջէն մղուած, իր կամաւորական գունդերը զինելու եւ արդի օրերուն պատշաճեցնելու:

Մարդկութեան հազարամեակներու պատմութեան էջերուն մէջ իսկ դժուար եւ գրեթէ անկարելի է գտնել աշխատարած 26 տարբեր երկիրներու երդիքներուն ներքեւ համա-խմբուած 15,000-է աւելի հաշուող կամաւոր աշխատանք տանող կազմակերպութիւն մը, զինուորական նոյն կարգապահութեամբ եւ ազգային ոգիով տոգորուած: Ներուժ մը՝ որ աշխարհով մէկ տարեբերութիւն կրնայ ընել իր փաղանգով: Օրին՝ կանանց միութիւններ, եւ հարիւր տարիներ առաջ՝ Հ.Օ.Մ.-ի մեծ գաղափարը յղացող Ակնունիներ, օրուայ կարիքներու հիման վրայ տեսիլքը ունեցան կազմակերպելու շարքերը: Այսօր, 100 տարիներ ետք, Հ.Օ.Մ.-ը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ եւ յատկապէս՝ այժմէականացման մտօրումներու նախանձախնդիր, անժամանցելիօրէն այդ գուպարին կ՝ուզէ ներդրել իր ուժերը,երիտասարդացնելով շարքերը, եւ անցեալի ուսանելի նախաձեռնութիւններու փորձառութեան միախառնելու մերօրեայ արդիականացած աշխատելաձեւը, յարմարելու այսօրուայ եւ վաղուայ կարիքներուն:

Սեպտեմբեր 18, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, հարիւր ընկերուհիներ հաւաքուած էին լսելու Շրջանային եւ Կեդրոնական զոյգ վարչութեանց տարեկան ամփոփ տեղեկագրերը, եւ ըմբոշխնելու օրուայ դասախօսի անաչառ խորհուրդներն ու ցուցմունքները:

Ժպտադէմ բարի գալուստէ եւ Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի երգեցողութենէն ետք,Սեմինարի բացումը կատարեց Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի՝ ընկերուհի Աննա Պուլկար-եան: Ապա հրաւիրեց Շրջանային Վարչութեան փոխ Ատենապետուհի՝ Ընկհ. Վարսենիկ Սարգիսեանը հակիրճ գիծերու մէջ ընթեռցելու տեղեկագիրը, զորս կ՝ընդգրկէր Շրջանային վարչութեան տարեկան ծրագիրները, 1250 անդամ հաշուող Գանատայի տասը մասնաճիւղերու հակիրճ գործունէութիւնները, հաշուական եւ քարտուղարական աշխատանքները, Միջ-Մասնաճիւղային հանդիպում, Արժանթինի Շրջանայինի կազմակերպած ու շրջանիս մասնակցութիւնը բերած Սեմինար-շրջապտոյտը, Հայիթիյիի երկրաշարժի աղէտեալներուն օժանդակութիւնը, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան Հայեցի Դաստիարակութեան Յանձնախումբի մասնակցութիւնը, Գանատայի շրջանի Պատմութեան յուշամատեանի հրապարակումը, Հ.Օ.Մ.-ի ննջեցեալներու հոգեհանգիստ բոլոր մասնաճիւղէրէն ներս, Կրթական օճախներու եւ այլեւայլ յատկացումները, քարոզչական աշխատանքները, տնտեսական եւ յատկապէս Հ.Օ.Մ.-ի 100-ամեակի միացեալ ելոյթները Օնթէրիոյի հինգ եւ Քէպէքի երեք մասնաճիւղերու առաւել Վանգուվըրի եւ Ուինծըրի մասնաճիւղերու: Բծախնդրութեամբ քննած է իւրաքանչիւր հարց, յատկապէս 19-րդ Պատգամաւորական Ժողովին որդեգրուած ծրագիրներու կիրարկման վերաբերող, եւ գործադրած՝ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան բոլոր ծրագիրները իր տասը մասնաճիւղերու միջոցաւ:

Ապա, Ընկերուհի Պուլկարեան հրաւիրեց Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ Ատե-նապետուհի՝ Ընկհ. Մարօ Ֆրունճեանը ներկայացնելու միամեայ ամփոփ տեղեկագիրը, որու օրակարգերը կ՝ընդգրկէին Հ.Օ.Մ.-ի 100-ամեակի Տօնակատարութիւնները, Մարտ 10-ին Նիւ Եորքի Գառնիկի Հոլի բացումէն մինչեւ գալիք Հոկտեմբերի Տէր Զօր Ուխտագնացութիւնն ու Հայաստանի մէջ փակման հանդիսութիւնները Հոկտեմբերի 12-24, Հարիւրամեակի Հանգանակութիւն, Հ.Օ.Մ.-ի 100-ամեակի Ծառատնկում հայրենիքի մէջ որու կրնան մասնակցիլ ազգի բոլոր զաւակները, զետեղելով յուշատախտակներ իրենց հարազատներու կամ իրենց անուններով դիմելով տեղական մասնաճիւղերուն, Ծնողազուրկ երեխաներու խնամակալութիւնն ու ուսման ծրագիրը, Երեմեան Կրթաթոշակ, Լաւագոյն ուսանողի ծրագիր, Արցա-խէն մինչեւ Պուլկարիոյ Սօսէ Մանկապարտէզներ, Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Ծննդատուն, Ջաւախք, Պատանիներու Փոխանակման Ծրագիր, Կրթական Օճախներ, Սկանտինաւեան նաւապտոյտ, Ամանորի Ծրագիր: Ընկերուհի Ֆրունճեան ներկայացուց նաեւ միութեան ներկայ նիւթական անցուկ վիճակը եւ ապագայի բազմազան ծրագիրները:

Կէսօրուայ ճաշի դադարէն ետք, Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի՝ Ընկերուհի Աննա Պուլկարեան հրաւիրեց Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ Ընկերուհի Գեղուհի Պասթաճեանը, ներկայացնելու օրուայ բանախօս եւ Կեդրոնական Վարչութեան Գրասենեակի Վարիչ-Տնօրէն Ընկեր Ժիրայր Պէօճէքեանի կենսագրականը, որ Լիբանանի մէջ իր կրթութիւնը ստանալէ եւ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանէն Համակարգչային Գիտութեանց ճիւղէն վկայուելէ եւ ազգային զանազան կառոյցներու մէջ աշխատելէ ետք, 2007 Նոյեմբերէն ի վեր ստանձնած է Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան Գրասենեակներու Տնօրէնի պաշտօնը:

Ընկեր Ժիրայր Պէօճէքեան կեդրոնացաւ այն իրողութեան վրայ, որ իր Հարիւրամեակիը նշող Հայ Օգնութեան Միութիւնը կարիքը ունի վերանորոգման թէ՛ մտայնութեան ու մտածելակերպի տեսակէտէն, թէ՛ աշխատանքային դրոյթներու արդիականացման տեսակէտէն։ Իր խօսքի սկիզբը ան շեշտեց, որ վերանորոգուիլ կամ արդիականանալ չի նշանակեր անցեալը ժխտել կամ արժեզրկել, ընդհակառակը, անցեալի փորձառութեան ու յաջողութիւններուն վրայ հիմնուելով կառուցել նորը, նկատի ունենալով կեանքի պայմաններու փոփոխութիւնը։ Այս ծիրին մէջ ան ընդգծեց, որ ՀՕՄ-ը յաջողած է իր հարիւրամեայ գործունէութեան ընթացքին, որովհետեւ յաջողած է իւրաքանչիւր հանգրուանի ճիշդ ձեւով բռնել իր ժողովուրդի բազկերակը։ Այժմ նոր իրականութիւններու լոյսին տակ անհրաժեշտ է նոր պայմաններու եւ կարիքներու յարմարող ու բաւարարութիւն տուող մօտեցումներ ու գործելաոճ որդեգրել, առանց զիջելու մեր սկզբունքներէն։

Բանախօսը մատնանշեց, որ վերջին շուրջ երկու տասնամեակներուն շատ բան փոխուած է նախ համաշխարհային մակարդակի վրայ սկսելով քաղաքական պայմաններէն մինչեւ տնտեսական դրուածքները. շատ բան փոխուած է նաեւ ներազգային մակարդակի վրայ, սկսելով հիմնականին մէջ Հայաստանիեւ Արցախի անկախացումէն ապա սփիւռքեան գաղութներու տեղաշարժին ու նախաձեռնութիւններու կեդրոնի տեղափոխութիւնը։ Այս բոլորը հիմնական կը դարձնեն ՀՕՄ-ի գործելակերպի վերանայումը։

Այս ծիրին մէջ, բանախօսը կեդրոնացաւ ու մանրամասնեց այն հիմնական դժուարութիւնները, որոնց դէմ հանդիման կանգնած է այսօր Հայ Օգնութեան Միութիւնը ընդգծելով, որ մատնանշուած դժուարութիւնները չեն վերաբերիր առանձին շրջաններու կամ անհատներու այլ ընդհանրական խնդիրներ են։

Այդ դժուարութիւններու շարքին են կազմակերպական ըմբռնումներու թուլացումը ինչպէս նաեւ համահայկական տեսլականի թուլացումը։ Պայմաններու բերմամբ ՀՕՄ-ի միաւորները սկսած են ձգտիլ ինքնամփոփման ու Հայաստանի անկախացումէն ետք, ՀՕՄ-ի համար համահայկական տեսլականն ու անոր ծառայութեան միջոցները չեն բիւրեղացած տակաւին։ Բանախօսը նշեց նաեւ, որ ՀՕՄ-ի գործունէութեան ներկայ ծիրը հսկայածաւալ է եւ նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի նորօրեայ կարիքներու իւրաքանչիւր մարզի տարողութիւնը, ՀՕՄ-ը պարտի սահմանափակել գործունէութեան իր դաշտը, կեդրոնանալ այն մարզերուն վրայ, որոնք ուրիշներու կողմէ չեն ստանձնուած եւ այդ մարզերուն մէջ տրամադրել ամբողջական ծառայութիւն։

Մօտեցման վերաբերող այս կէտերու նշումէն ետք, բանախօսը անդրադարձաւ գործելաձեւի խնդիրներու, ուր նշեց թէ յաճախ մեր որոշումներուն մէջ կը պակսին երկարաշունչ ուսումնասիրութիւնն ու հեռաւոր ապագայի հաշուարկները։ Իրականութիւն է նաեւ, որ բազմաթիւ պարագաներու մեր կեանքին մէջ կը գերակշռեն անհատական տեսակէտները փոխան հաւաքականի։ Իսկ մեր ժողովներն ու գործունէութիւնը կը տառապին սովորամոլութենէ իսկ որոշ օրակարգեր կը կիրարկուին ծիսակատարութեան նման։ Այս բոլորը չեն հրապուրեր երիտասարդութիւնը, որ ազգային կեանքէն դուրս վարժ է կեանքի արագ ու գործնապաշտ ռիթմին։ Քննական մեթոտներու կիրրման անհրաժեշտութեան կողքին, բանախօսը շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ միութենական պատասխանատու մարմինները այլեւս չեն կրնար միաժամանակ ծրագրող ու գործադիր ըլլալ, քանի կեանքի առօրեայ պահանջներն ու թափը թոյլ չեն տար այդ մէկը։ Անհրաժեշտ է որ մարմինները մնան ծրագրողի եւ վերահսկողի դերին մէջ իսկ գործադրութիւնը ստանձնեն յանձնախումբեր եւ մասնագիտացած անձնակազմ։ Այդօրինակ անձնակազմն է միայն որ կրնայ ճշգրտօրէն օգտուիլ արդի արհեստագիտութեան միջոցներէն ու պահանջուած ժամանակը տրամադրել գործին, արտաքին կառոյցներու հետ կապի եւ փոխյարաբերութեան զարգացումին ու գործակութիւններու հաստատման։

Բանախօսի ելոյթի աւարտէն ետք, մասնակից ՀՕՄ-ականները խումբ առ խումբ իրենց տեսակէտները բիւրեղացուցին արծարծուած խնդիրներուն մասին եւ զանոնք փոխանցեցին Շրջանային Վարչութեան, առ ի նկատարութիւն։

ԱՅՈ՝ մարտահրաւէրներ ունինք, բայց եթէ ցարդ կարողացած ենք քայլ պահել, կրնանք դժուարութիւններէն դուրս գալ անկասկած ընդունելով համակերպիլ օրուայ նորարութիւններուն: Որոշենք ինչ կերպարանքով եւ միջոցով ներկայանալ, եւ անպայման կրնանք շրջանցել թէ մեր բարոյական թէ ֆինանսական դժուարութիւնները որոնք միա՝յն հետեւանք ենք եւ ոչ պատճառ:

Բարի երթ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն. ինքնամփոփումներէ եւ խմբաւորումներէ ձերբազատուած ու բռնցքացած՝ «Մենք կ՝երթանք դէպի աղբիւրը լոյսին»:

Փորձառական Սեմինարը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 5-ին, «Մեր Հայրենիք»ի երգեցողութեամբ եւ ընկերուհիներու ողջագուրումով, հաւատալով յետագային ունենալ նմանօրինակ շինիչ բազմաթիւ սեմինարներ:

Վարձքը կատար բոլորին եւ բարի երթ Հ.Օ.Մ.-ին դէպի Նոր Դարաշրջան:

Ընկհ. Սիւզան Նաճարեան

ARS CANADA'S VISIT TO ARMENIA & ARTSAKH
ARS ARGENTINA
ARS Argentina’s executive organized a seminar/tours, from Oct 3-10, 2009 in Buenos Aires. Canada participated with 94 members and friends.
ARS CANADA
ARS Canada Regional Executive visited Ontario the weekend of October 23, 2009
ARS CANADA SEMINAR 2009 - Kingston
General seminar photo
Some of the youth members present
The workshop winning team
Ungerouhiner Varsenig Sarkissian & Arminée Karabetian with both speakers, Mrs. Shoghig Kataroyan and ungerouhie Arminée Gharakhanian
ARS Canada’s executive board with both speakers
ARS Canada held it’s annual Seminar in Kingston, Ontario at the Confederation Place hotel, Saturday April 18, 2009, where 130 ARS members and friends participated.

Pariticipants were from Toronto, Mississauga, Hamilton, Ottawa, Vancouver, Laval and Montreal.
Ungerouhie Varsenig Sarkissian, ARS Canada Regional Executive member, welcomed everyone in her opening speech and called ungerouhie Keghouhie Bastadjian to introduce our firspeaker.

The first speaker, Mrs. Shoghig Kataroyan from Montreal delivered the first topic; “Your health and its medicine”.
Ungerouhie Maral Hovsepian introduced our second speeker, Ungerouhie Armenouhie Gharakhanian from Mississauga. Her topic was “Financial and retirement planning”. Both speeches were very interesting and many questions were raised and answered.

After lunch and during a workshop, participants were divided into 10 groups.

It is commendable that Montreal & Toronto chapters had invited 7 youths to attend the seminar.
All the participants were very pleased with the seminar.
Minister Hranouche Hagopian in Montreal
Armenian Relief Society Canada Region members with
Minister Hranouch Hagopian in Montreal.
A.R.S. MEMORIAL DAY - 2009

The church service for ARS ungerouhies and donators, who passed away, took place on Sunday February 22nd at Sourp Hagop Armenian Church in Montreal. Ungerouhi Maro Froundjian, ARS Central Committee vice-chairperson, ungerouhi Arminee Karabetian, ARS Canada Regional Executive chairperson and many ungerouhies attended the service.

Ungerouhi Yeran Bankian and Elize Boghosian carried the flowers.

After the service, coffee and pastry were served at Aharonian Hall. 

ARS S0SSE chapter's Executive committee chairperson ungerouhi Flora Guiragossian with few ungerouhies took the flowers to ungerouhi Rina Yemenejian's coffin at Mont Royal Cemetery.

| Home | About ARS | Executive Board | Chairperson's Message | Calendar of Events |
| Activities | Convention | ARS Scholarships | Programs & Projects |
| Youth Exchange Program | Sponsor-A-Child | Artsakh School |

| ARS Chapters | Chapters' Social Services |
| ARS Laval | ARS Montreal | ARS Toronto | ARS Vancouver | ARS Ottawa |
|
ARS Windsor | ARS Hamilton | ARS Cambridge | ARS Mississauga |

| Donations | Join Us | Contact Us |

ARS is an NGO on the Roster in Consultative Status with
the Economic and Social Council of the United Nations.
© 2002-2011 ARS Canada. All rights reserved.

 

H O M E

A B O U T   A. R. S.

E X E C U T I V E
M E S S A G E
A C T I V I T I E S
 C O N V E N T I O N
C A L E N D A R
O F   E V E N T S
C H A P T E R S
S O C I A L
S E R V I C E S
P R O G R A M S
S C H O L A R S H I P
Y O U T H
E X C H A N G E
S P O N S O R -
A - C H I L D
A R S  S C H O O L S
A R C H I V E S
D O N A T I O N S
J O I N   U S
C O N T A C T    U S