|
|
|
| ARS MONTREAL "SOSSE" CHAPTER |
 |

|
| The History of A.R.S. “Sossé” Chapter in Montreal |
Montreal’s Armenian community is one of the newest communities in North America. In 1957, the Montreal Chapter of the Armenian Relief Society (ARS) was founded, with the financial and moral support of the three brothers, Hrant, Yervant and Hagop Pastermadjian, as well as Mr. Kerovpe Boudoukian, who have become the first honorary members of the Chapter. Initially, there were only 9 members. In less than a year, that number went up to 43, and the first executive was elected.
The newly founded Chapter, with the great devotion and enthusiasm of its members, helped in organising the community by providing help to new immigrants, playing a vital role in arranging social and cultural activities, and organizing fund raising activities to support Sourp Hagop Armenian Church. The Chapter had always collaborated with HOM’s Central Committee and had an active participation in their annual meetings.
In May 1966, the sub Chapter “Sossé” was founded with the objective to assemble young members to discuss educational and social concerns. In 1969 it joined HOM’s Montreal main body.
In 1970, the Chapter was registered as a non-profit organization.
In 1983, in accordance to Canada’s and Quebec’s regulations, it received the full status of an independent charitable organization; and in 1988, it was granted the right to issue ‘tax free’ receipts for donations.
In March of 1993, the ARS Montreal Chapter was officially named “Sossé”, in remembrance of our national hero “Sossé Mayrig”.
Today, Montreal’s “Sossé” Chapter remains true to the tenets of its mandate, by meeting the social and educational needs, preserving the cultural identity of the Armenian community, and bringing humanitarian help to all communities in distress.
Executive
Rita Ohanian- Chairperson
Sirvart Zourikian- Vice Chairperson
Maral Moumjian- Secretary (Executive Meetings)
Annie Tachejian- Secretary (General Meetings)
Shenorhig Zoboyan- Treasurer
Mary Halajian- Bookkeeper
Maro Yacoubian- Advisor
Membership
Currently, the A.R.S. “Sossé” Chapter in Montreal has 391 active members and 11 auxiliary members.
Committees and their Activities
The A.R.S. “Sossé” Chapter in Montreal has the following permanent committees:
Referral and Support provides information about community resources and directs individuals who are seeking assistance to the appropriate governmental and private agencies.
Elderly Care Group visits the elderly in nursing homes and hospitals, in particular Manoir Cartierville, accompanies the elderly to medical appointments (as the need arises) , and organizes social events, outings and bazaars for the profit of Manoir Cartierville.
Social Club organizes social and cultural activities on bimonthly basis, to promote socialization amongst the Chapter’s members and prevent isolation among the autonomous elderly living alone. Some of these activities celebrate Halloween, Valentine’s Day, Sourp Sarkis, Mother’s Day, Father’s Day, Easter; organizes a pilgrimage to Sourp Khatch church (Cambridge), picnics, etc.
Educational committee organizes lectures and seminars to raise public awareness about social, medical, cultural and feminine issues.
Membership committee updates the members’ records and prepares the annual membership fee invoice.
Hosting committee organizes the reception (i.e. coffee and snacks) during the general meetings.
Archives’ committee examines the filing system of the Chapter.
Election committee searches for new candidates to replace the members of the executive who are not eligible for a reelection, and delegates to represent the Chapter during the Regional Delegates’ Assembly.
Bazaar committee organizes, coordinates and carries out the annual bazaar, a two day event, which is the main income source of our Chapter.
Internal Audit committee inspects the Chapter’s finances.
Hye Taste organizes cooking lessons for young Armenians to promote socialization among them and familiarize them with the culinary secrets of the Armenian cuisine.
Contact committee informs the members by phone or by e-mail last minute news, and details about various activities or events.
The Chapter creates also temporary committees to plan, coordinate and perform the following events: International Women’s Day; ARS Day; Children’s Christmas Party; St. Vartan’s Day; Palm Sunday’s bazaar; Hampartzoum; Walkathon; and others as needed.
Contact Us
A.R.S. “Sossé” Chapter in Montreal
3401 Olivar-Asselin, Montreal (Quebec) H4J 1L5
Tel.: (514) 335-2222
E-mail: sosse-montreal@hotmail.com
Website: www.ars-canada.ca
Join A.R.S. “Sossé” Chapter in Montreal
Donate to A.R.S. “Sossé” Chapter in Montreal
Donations are payable to “A.R.S. Sosse Chapter”
Tax receipt will be provided for donations $20.00 and over
Awards
The A.R.S. “Sossé” Chapter in Montreal grants the following awards, to four students from Sourp Hagop Elementary, High and Saturday Schools, who have obtained high average in Armenian courses and participated actively in our community organizations.
- Sasountsi David gold medal is granted to the Saturday School’s sec 5 laureate
- Aruz Meher gold medal is granted to the High School’s sec 5 laureate
- Mesrob Mashdoz two gold medals are granted to the Saturday School’s and Elementary School’s grade 6th laureates
|
|
| ՀՕՄ-Ի ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ |
Կիրակի 27 Փետրուար 2011-ին, ի յիշատակ ՀՕՄ-ի ննջեցեալ ընկերուհիներու եւ բարերարներու, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, յաւարտ Սրբ. Պատարագին, Սրբ. Յակոբ Առաջ. Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդ. Վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկհ. Մարօ Ֆրունճեան, Շրջ. Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Աննա Պուլկարեան եւ վարչական ընկերուհիներ, Մոնթրէալի Սօսէ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ ընկհ. Ռիթա Օհանեան եւ վարչական ընկերուհիները, վերջին տարուան ընթացքին մահացած ընկերուհիներու ընտանիքները, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ուհիներ, բարերարներ եւ համակիրներ:
|
 |
Հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին, ՀՕՄ-ի Սօսէ մասնաճիւղի նշանաբանով ծաղկեպսակը խորան առաջնորդեցին ընկերուհիներ Նանսի Թորոսեան եւ Անի Թաշճեան:
|
 |
Աւարտին, տեղի ունեցաւ սուրճի եւ չէօրէկի հիւրասիրութիւն Ահարոնեան սրահէն ներս՝ պատրաստուած ընկերուհիներու կողմէ իրենց ննջեցեալներու հոգւոյն ի յիշատակ: |
 |
Ապա, խումբ մը ընկերուհիներ մեկնեցան Սէն Լօրան գերեզմանատուն, ուր ծաղկեպսակը զետեղեցին ընկհ. Անահիտ Դերձակեանի շիրիմին վրայ, ընտանեկան պարագաներու ընկերակցութեամբ եւ միասնաբար երգեցին ընկերուհիին այդքան սիրած՝ ՀՕՄ-ի քայլերգը: |
|
| BAZAAR 2010 |
 |
 |
 |
 |
 |
 |
 |
 |
|
|
ՀՕՄ-Ի ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՍՕՍԷ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ
ԿԸ ՏՕՆԷ ԻՐ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԿԱՂԱՆԴԸ |
Խնդութեան տօն էր Հինգշաբթի, 13 Յունուար, 2011-ի երեկոյեան Հայ Կեդրոնի Ա. Ահարոնեան սրահէն ներս: Իրօք, Մոնթրէալի Սօսէ մասնաճիւղի ՀՕՄ-ականներն ու համակիրները՝ 3-93 տարեկան, հաւաքուած էին տօնելու իրենց անդամական կաղանդի հաւաքոյթը, որոնց կարգին՝ Արժանապատիւ Տէր Արմէն Աւագ Քահանայ Իշխանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկհ. Մարօ Ֆրունճեան, Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Աննա Պուլկարեան եւ վարչական անդամներ, Մոնթրէալի քաղաքապետարանի խորհրդատու ընկհ. Մարի Տէրոս: |
 |
 |
Օրուան հանդիսավար ընկհ. Թամար Գապասաքալեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հաճելի ժամանց բոլորին: Ապա, բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղիս ատենապետ՝ ընկհ. Ռիթա Օհանեան: Իր խօսքի ընթացքին, ան յայտարարեց տարեկան տօնավաճառի, փոքր տօնավաճառի, եւ փոքրերու կաղանդի ձեռնարկի հասոյթները: Ներկաներուն յիշեցուց թէ ամէն տարուայ նման այս տարի եւս մեր Ամանորի հաւաքոյթի ընթացքին պիտի հաւաքուի յատուկ գումար մը՝ յատկացնելու ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ամանորի Ծրագրի յաջողութեան, ինչպէս նաեւ սոյն ձեռմարկի հասոյթէն բաժին մը պիտի տրամադրուի Հայաստանի ծնողազուրկ համալսարականներու ծրագրին: |
 |
Ապա, ընկհ Գապասաքալեան ներկաները հրաւիրեց մասնակցելու խաղի մը, որու աւարտին իւրաքանչիւր սեղան ունեցաւ իր բախդաւորը: Տէր Արմէն Ա. Քահանայ Իշխանեան օրհնեց Ամանորի սեղանը եւ ներկաները ճաշակեցին Հայ Կեդրոնի ճաշարանի պատրաստած համեղ կերակուրները, հիւրասիրուած՝ Սրբ. Յակոբ Առաջ. Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ: Տեղի ունեցաւ նաեւ աւանդական չէօրէկի հատում, անուշապուրի եւ պտուղի հիւրասիրութիւն: |
Ձեռնարկի յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ ընկհ. Անահիտ Գույումճեան, որ իւրայատուկ ոճով կարդաց Մուշեղ Իշխանի՝ Նամակ Կաղանդ Պապային: Ընկհ. Գույումճեան իր տաղանդով կարողացաւ ներկաներուն փոխանցել սոյն պատմութեան պատգամը՝ ուղղուած թէ' փոքրերուն, թէ' մեծերուն: Ընկհ. Գապասաքալեանի կազմակերպած խաղերէն ետք, մթնոլորտը ալ աւելի խանդավառուեցաւ հայկական պարեղանակներու կշռոյթով, շնորհիւ DJ Կարօի:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ ներկաները մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ:
Անի Թաշճեան
|
|
|
ARS SOSSE CHAPTER'S CHRISTMAS TREE
at Montreal Museum of Fine Arts |
 |
|
| HOY LARI CONCERT |
The event took place on Sunday December 12, 2010 at the Salle Hadjetian of the École Arménienne Sourp Hagop. The concert was a success! 500 adults and children of all ages attended the show and enjoyed Christmas with Hoy Lari and Santa Claus. |
 |
 |
 |
|
|
ՀՕՄ-Ի ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՍՕՍԷ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
2010- Ի ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ |
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի Սօսէ մասնաճիւղի, աւանդական դարձած տարեկան տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 13 եւ Կիրակի 14 Նոյեմբեր 2010-ին, Հայ Կեդրոնի ՀՄԸՄ- Կամք մարզասրահէն ներս:
Շաբաթ 13 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ներկայութեամբ Սրբ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, Տէր Գառնիկ քհնյ. Գոյունեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկհ. Մարօ Ֆրունճեանի, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկհ. Աննա Պուլկարեանի եւ վարչական ընկերուհիներու, Լաւալի Շուշի մասնաճիւղի ատենապետ ընկհ. Զապէլ Կիւլեանի եւ վարչական ընկերուհիներու, քոյր միութեանց ներկայացուցիչներու եւ բազմաթիւ ՀՕՄ-ուհիներու, ՀՕՄ-ի քայլերգի միաձայն երգեցողութենէն ետք, մասնաճիւղիս ատենապետ ընկհ. Ռիթա Օհանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ ձեւով ներկայացուց այս տարուան կնքամայրը՝ ընկհ. Իսկուհի Փօլատեան: Ապա, խօսք առաւ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան: Ան ՀՕՄ-ուհիներուն գործը սուրբ գործ անուանեց եւ մաղթեց բարի ու օրհնաբեր վաճառք մասնաճիւղիս: Սրբազան հօր պահպանիջէն ետք, ընկհ. Իսկուհի Փօլատեան հատեց տօնավաճառի բացման ժապավէնը եւ տօնավաճառը պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ:
Մասնաճիւղիս ընկերուհիներն ու համակիրները միսնաբար եւ առանց ճիգ ու յոգնութիւն խնայելու, ՀՄԸՄ- Կամք մարզասրահը զարդարած ու վերածած էին մեծ «շուկայի» մը: Անոնց ժիր եւ եռանդուն աշխատանքին ու անձնազոհ նուիրումին շնորհիւ է որ սոյն ձեռնարկը յաջողութեամբ կը պսակուի ամէն տարի:
Այս «գոց շուկայէն» ներս, ժողովուրդը կարողացաւ այցելել զանազան կրպակներ, ուր վաճառուեցան զարդեղէններ, շալեր, տնային ապրանքներ, խաղալիքներ, կաղանդի զարդարանքներ, հագուստ ու կօշիկ, հայկական տառերով մակագրուած ապրանքներ, Հայաստանէն, Սուրիայէն ու Լիբանանէն յատկապէս ներածուած ձեռագործեր եւ զարդեղէններ, այլեաւայլ գործածութեան իրեր, հայկական աւանդական ճաշեր, ինչպէս նաեւ արեւելեան թէ արեւմտեան զանազան տեսակի անուշեղէ ն, կարկանդակ ու կրկնեփ, արդար մեղր ու անոր արտադրութիւններու տեսակները:
Զոյգ օրերու ընթացքին, հրամցուեցաւ տաք ճաշ՝ ղաւուրմա եւ հերիսա, իսկ Կիրակի առաւօտ՝ համեղ սահլապ:
Կիրակի կէսօրէ ետք, նախքան տօնավաճառի փակումը, ընկհ. ատենապետ Ռիթա Օհանեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր նուիրատուներուն անխտիր, որոնք ամէն տարի սիրայօժար այլեւայլ ապրանքներ կը նուիրեն մասնաճիւղիս, ինչպէս նաեւ գաղութի զաւակներուն որոնք իրենց ներկայութեամբ ու ներդրումով կ'աջակցին այս մեծ ձեռնարկի յաջողութեան:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:
|
|
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի Սօսէ Մասնաճիւղի
Տարեցներ Այցելող Յանձնախումբի Գործունէութենէն |
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի Սօսէ մասնաճիւղի Տարեցներ Այցելող Յանձնախումբը, ըստ իր սովորութեան ամէն չորեքշաբթի կ’ունենայ իր սուրճի պահերու հիւրասիրութիւնը, իսկ ամէն ուրբաթ՝ կը հիւրասիրէ հայկական ճաշ Centre Hôspitalier de Cartieville-ի հայ տարեցներուն: Այս հիւրասիրութիւնները կը նուիրուին ընկերուհիներու, տարեցներու պարագաներու եւ բարերարներու կողմէ:
Բացառիկ օր մը հանդիսացաւ Ուրբաթ, 2 Ապրիլ, 2010-ը Centre Hôspitalier de Cartieville-ի հայ տարեցներուն համար, որովհետեւ անոնք առիթը ունեցան ճաշակելու հայկական համեղ ճաշեր՝ պատրաստուած մասնաճիւղիս Համեղ Պատառ յանձնախումբի երիտասարդ անդամներուն կողմէ եւ վայելեցին իրենց համար յատկապէս պատրաստուած Համազգայինի Անի պարախումբի ելոյթը՝ Le Manoir en Fête:
Տասներկու պարուհիներ, ընկերակցութեամբ իրենց պարուսցոյց Տիկ. Էվա Հայրապետեանի, պատասխանատու Տիկ. Յակոբեան-Բլէզանսի, ճշդապահ ժամանեցին Manoir եւ ներկայացուցին ինը գեղեցիկ պարեր: Տպաւորիչ էր եւ շնորհալի յայտագրի պատրաստութիւնը եւ բովանդակութիւնը: Այս ձեռնարկի գաղափարը յղացողը եւ կազմակերպողը, պարողներէն՝ Գարին Բլէզանսն էր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Տարեցներ Այցելող յանձնախումբին որ միջնորդ դարձաւ Centre Hôspitalier de Cartieville-ի պատասխանատու մարմիններուն քով, պարուսցոյց Տիկ. Էվա Հայրապետեանին, իրեն ընկերակցող պարուհիներուն, առանց որոնց ներդրումին կարելի պիտի չըլլար իրականացնել իր երազը՝ հայ տարեցները շենցնել ու զուարճացնել: Տարեցներուն ուրախութիւնը անսահման էր: Մէկը միւսին այսպէս կ'արտայայտուէր՝ հրաշալի է, հրաշալի. Կեանքիս մէջ այսպիսի գեղեցիկ բան չեմ տեսած:
Սօսէ մասնաճիւղի Համեղ Պատառ ճաշ եփելու դասընթացքներուն հետեւող երիտասարդ- երիտասարդուհիները որոշած էին իրենց պատրաստած ճաշերէն մէկը հրամցնել Centre Hôspitalier de Cartieville-ի հայ տարեցներուն: Անոնցմէ 5 հոգի, ընկերկցութեամբ յանձնախումբի պատասխանատու՝ ընկհ. Մարիա Արսլանեանի, եկան եւ հիւրասիրեցին մեր տարեցները, թէ' յուզումով եւ թէ' ուրախութեամբ:
Մեզի համար մեծ գոհունակութիւն է, երբ երիտասարդներ կը յղանան նմանօրինակ գաղափարներ, յուսալով թէ պիտի շարունակեն եւ յարատեւեն ՀՕՄ-ի սկսած աշխատանքները,զանոնք միշտ բարելաւելով:
Վարձքը կատար բոլորին:
Հայկօ Նահապետեան |
ՀՕՄ-ի Սօսէ մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի
Մայրերու օրուայ տօնակատարութիւն |
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի Սօսէ մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի Մայրերու օրուայ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 11 Մայիս, 2010-ին, Հայ Կեդրոնի Ա. Ահարոնեան սրահէն ներս, ներկայութեամբ 113 ընկերուհիներու եւ համակիրներու:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկերային յանձնախումբի պատասխանատու՝ ընկհ. Երան Պանքեան: Բարի գալուստի խօսքէն ետք, ան ներկաներուն փոխանցեց տօնակատարութեան խորհուրդը: Ապա, հրաւիրեց հետեւեալ մայրերը՝ ընկերուհիներ Անահիտ Դերձակեան, Մարի Գաֆաֆեան, Արշօ Պոյաճեան, Սիրվարդ Զուրիկեան, Շնորհիկ Զոպոյեան, Ռիթա Օհանեան, Աշխէն Հացագործեան, Համեստ Գուլաճեան եւ տիկ. Մարիցա Տէրտէրեան ստանձնելու գնահատանքի յուշատախտակ մը, նուիրուած ընկերային յանձնախումբին կողմէ: Ներկաներուն բաժնուեցաւ նաեւ մեխակներ՝ նուիրուած ընկհ. Արմինէ Կարապետեանին կողմէ:
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Գերշ. Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, որ իր սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք, օրհնեց սեղանները եւ ներկաները ճաշակեցին յանձնախումբի ընկերուհիներուն պատրաստած համեղ ճաշերը:
Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիցնը բերին ընկհ. Լիւսի Ալեքսանեան՝ ասմունքով նուիրուած մայրերուն, եւ պարոն Ստեփան Տէմիրճեան՝ հայկական ճոխ երգերով:
Ներկաները, քաջալերուած այս ուրախ առիթէն, գնահատեցին ընկերային յանձնախումբին տարած աշխատանքը եւ կատարեցին սրտափուխ նուիրատուութիւններ: Ձեռնարկը աւարտեցաւ յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին:
Լենա Փափազեան
|
| Ընկերային կեանք |
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի Սօսէ մասնաճիւղի վարչութիւնը, իր ընտրական տարեշրջանին կը կազմակերպէ բազմաթիւ ձեռնարկներ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը՝ կազմակերպուած յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, կը հետապնդէ տարբեր նպատակ մը:
Այսպէս, դաստիրակչական յանձնախումբը կը մտի ընթլայնել մտքերու հորիզոնը: Տարեցներ այցելող յանձնախումբը՝ օգտակար դառնալ հայ տարեցներուն որոնք կը բնակին յատուկ հաստատութիւններու մէջ, անոնց մատակարարելով հայկական ճաշեր ու ստեղծելով հայկական մթնոլորտ թէկուզ շաբաթը մի քանի ժամ: Համեղ պատար յանձնախումբը՝ խմբել հայ երիտասարդները եւ իրենց փոխանցնել հայկական խոհանոցի գաղտնիքները, իսկ ընկերային յանձնախումբը՝ առիթ ընծայել հայ ինքնաբաւ տարեցներուն որ հաւաքուին եւ միասնաբար հաճելի ժամանց մը ունենան:
ՀՕՄ-ի Սօսէ մասնաճիւղի Ընկերային Յանձնախումբը կը հաւաքուի 15 օրը անգամ մը, երեքշաբթի օրերը առաւօտեան ժամը տասէն մինչեւ կ.ե. ժամը 2, հայ կեդրոնի Ա.Ահարոնեան սրահէն ներս: Հիւրաքանչիւր անգամ, յանձնախումբի ընկերուհիները կը պատրաստեն հայկական համեղ ճաշեր, ինչպէս՝ մանթը, սու պէօրէկ, պահքի կամ միսով քէօֆթէ եւ անպայման անուշեղէն մը՝ չէօրէկ, թահինով հաց, թելահիւս, անուշապուր եւայլն, որովհետեւ գիտեն թէ պիտի հիւրընկալեն անձիք որոնք կարօտը ունին զանոնք ճաշակելու, սակայն ֆիզիքապէս անկարող են պատրաստելու: Այս հանդիպումներուն տեղի կ'ունենայ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր՝ հայկական թէ օտար խորհուրդի մը շուրջ, որու ընթացքին երգով, ասմունքով կամ պատմուացքով ելոյթ կ'ունենան ընկերուհիներ կամ հիւրեր: Այսպէս, երեքշաբթի, 13 Ապրիլին, անոնք ունեցան հաւկթախաղ, հայկական չէօրէկի յատում եւ տնօրհնէք Ա. Ահարոնեան սրահէն ներս: Ընկերուհիները խանդավառուելով, շուրջ պար կազմեցին եւ երգեցին հայկական երգեր:
Վարձքը կատար բոլոր ընկերուհիներուն որոնց անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ մեր գաղութը ունի եռուն ընկերային կեանք:
Անի Թաշճեան
|
HYE TASTE - MONTREAL |
|
A feed back from hye taste participants:
I really appreciate your input about the healthier alternatives that you give during the sessions (you had many great tips at the class where we learned how to make Sine Keufteh). I think it's one of the key elements that adds value to these courses. Afterall, we could use cookbooks, but the information that you and Levon give us make the course worthwhile and really fun.
Thanks again for all the effort, time and energy you put into this activity; it's very appreciated!
Truly,
Arlette Boghoskha |
| ՀՕՄ-Ի ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ |
 |
Կիրակի 28 Փետրուար 2010-ին, ի յիշատակ ՀՕՄ-ի ննջեցեալ ընկերուհիներու եւ բարերարներու, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, յաւարտ Սրբ. Պատարագին, Սրբ. Յակոբ Առաջ. Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդ. Վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկհ. Մարօ Ֆրունճեան, Շրջ. Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Աննա Պուլկարեան եւ վարչական ընկերուհիներ, Մոնթրէալի Սօսէ մասնաճիւղի վարչութիւնը լրիւ կազմով, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ուհիներ, բարերարներ եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Այդ օր, Տէր Գառնիկ քահանայ Գոյունեան, փոխան քարոզի կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոնդակը, ՀՕՄ-ի 100-ամեակի առիթով՝ նուիրուած հայ կնոջ: ՀՕՄ-ի 100-ամեակի նշանաբանով ծաղկեպսակը, խորան առաջնորդեցին վարչական ընկերուհիներ Սիրվարդ Զուրիկեան եւ Մարալ Մումճեան:
Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, տեղի ունեցաւ սուրճի եւ չէօրէկի հիւրասիրութիւն Ահարոնեան սրահէն ներս՝ պատրաստուած ընկհ. Անահիտ Դերձակեանի, Ռիթա Օհանեանի եւ Հայկօ Նահապետեանի կողմէ իրենց ննջեցեալներու հոգւոյն ի յիշատակ:
Ապա, խումբ մը ընկերուհիներ ծաղկեպսակը զետեղեցին Parc Marcelin Wilson-ի Ապրիլ 24-ի յուշարձանին առջեւ: |
| Վարդանանցի հաւաքոյթ |
Մոնթրէալի Սօսէ մասնաճիւղի կազմակեպած Վարդանանքի տօնակատարութիւն ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 11 Փետրուար, 2010-ի երեկոյեան, Հայ Կեդրոնի Ա. Ահարոնեան սրահէն ներս:
Ներկայ էին Գերաշնորհ Տէր Սուրէն Սրբազան Արք. Գաթարոյեան, Տէր Գառնիկ քհնյ. Գոյունեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկհ. Մարօ Ֆրունճեան, Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Աննա Պուլկարեան եւ վարչական անդամներ, Մոնթրէալի Սօսէ մասնաճիւղի ատենապետ ընկհ. Ֆլօրա Կիրակոսեան եւ վարչական անդամներ, եւ մօտաւորապէս 200 ՀՕՄ-ականներ եւ համակիրներ:
Ընկհ. Մարալ Մումճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Տէր Գառնիկ քհնյ. Գոյունեան օրհնեց ճաշի սեղանը եւ ներկաները ճաշակեցին պարսկահայ ընկերուհիներուն պատրաստած համեղ ճաշերը:
Օրուան պատգամաբեր՝ ընկհ. Վարդի Դանիէլեան անդրադաձաւ Վարդանանքէն՝ արեան եւ ազգային ոգիի ճամբով մեզի հասած ժառանգութեան մասին: Ան մէջբերումներ կատարեց Հայոց Պատմութենէն, ինչպէս՝ Մամիկոնեան տոհմի հայ իշխանուհիները որոնք պատրաստ էին արեան գնով պաշտպանելու իրենց կրօնքն ու հայրենիքը: Իսկ այժ, դարէ մը ի վեր, այդ ազգային պարտականութիւնը ատանձնած է ՀՕՄ-ը որ շնորհիւ իր ընկերուհիներու անսակարկ նուիրումին, կը հոգայ հայրենաբնակ թէ աշխարհացրիւ իր ժողովուրդի բոլոր կարիքները:
Մասնաճիւղիս ատենապետ՝ ընկհ. Ֆլօրա Կիրակոսեան իր վարչութեան խօսքին մէջ շնորհաւորեց բոլոր անոնց, որոնց անունները կապուած են Վարդանանց ընտանիքին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց պարսկահայ ընկերուհիներուն որոնք ամէն տարի սիրայօժար կը պատրաստեն եւ կը նուիրեն այդ օրուայ ճաշը, ինչպէս նաեւ ընկհ. Անահիտ Դերձակեանին, որուն Վարդանանքի դէմայով ձեռային աշխատանքները զարդարած էին բեմը: Ընկհ. Ֆլօրա յիշեցուց ներկաներուն թէ ամէն տարուայ նման այս ձեռնարկին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի Ջաւախքին:
Տօնակատարութեան աւարտին, Տէր Գառնիկ քհնյ. Գոյունեան ձեռնարկը փակեց Պահպանիջով: |
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի Սօսէ եւ Լաւալի Շուշի Մասնաճիւղերու
Անդամական Կաղանդ |
| Ցնծութեան տաքուկ մթնոլորտ մը կը տիրէր Հինգշաբթի, 14 Յունուար, 2009-ի երեկոյեան Հայ Կեդրոնի Ա. Ահարոնեան սրահէն ներս: Իրօք, այս տարի Մոնթրէալի Սօսէ եւ Լաւալի Շուշի մասնաճիւղերու վարչութիւնները պայծառ գաղափարը ունեցան տօնելու իրենց անդամական կաղանդի հաւաքոյթները միասնաբար:
Հաւաքոյթին ներկայ էին 250-է աւելի ՀՕՄ-ականներ եւ համակիրներ, որոնց կարգին՝ Արժանապատիւ Տէր Արմէն Աւագ Քահանայ Իշխանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկհ. Մարօ Ֆրունճեան, Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Աննա Պուլկարեան եւ վարչական անդամներ, Մոնթրէալի Սօսէ եւ Լաւալի Շուշի զոյգ մասնաճիւղերու ատենապեպտներ ընկերուհիներ Ֆլօրա Կիրակոսեան եւ Սիւզի Պոյամեան եւ վարչական անդամներ:
Օրուան հանդիսավար ընկհ. Սալբի Խրիկեանի բացման խօսքէն ետք, Տէր Արմէն Ա. Քահանայ Իշխանեան օրհնեց Ամանորի սեղանը եւ ներկաները ճաշակեցին Հայ Կեդրոնի ճաշարանի պատրաստած համեղ կերակուրները: Ապա տեղի ունեցաւ աւանդական չէօրէկի հատում, ինչպէս նաեւ հատիկի եւ պտուղի հիւրասիրութիւն:
Ընկհ. Սալբի Խրիկեան զուարճալի մթնոլորտ մը ստեղծեց շնորհիւ իր պատրաստած խաղերուն, որոնց մասնակցեցան տարեց թէ երիտասարդ ընկերուհիներ: Իւրաքանչիւր սեղանի շուրջ խմբուած ներկաները երգեցին նաեւ Կաղանդի եւ Սրբ. Ծննդեան նուիրուած զանազան երգեր, տարբեր լեզուներով: Յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ DJ Կարօն, ներկաները խանդավառելով հայկական շուրջպարի եղանակներով:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն աւելի քան 30 նուէրներու:
Ներկաները Հայ Կեդրոնէն մեկնեցան գիշերուան ուշ ժամերուն, բարձր տրամադրութեամբ, քաջ գիտնալով թէ այս հաւաքոյթին հասոյթը պիտի օժանդակէ Հայաստանի ծնողազուրկ համալսարականներու ծրագրին: |
 |
ARS SOSSE CHAPTER'S CHILDREN'S CHRISTMAS - MONTREAL |
Dimanche 6 décembre 2009, quatre cent cinquante personnes ont franchi le seuil des portes du gymnase Hadjetian pleines de joie et d’anticipation.
La Croix de Secours arménienne, Chapitre Sossé de Montréal, a organisé la célébration de Noël avec la présence de Père Noël, Maman Noël et le duo Hoy Lari. Hoy Lari, un groupe de chanteuses invité de la Californie, a mis en place un spectacle extraordinaire pour les enfants. |
 |
 |
| Voici comment ce bel avant-midi s’est déroulé : vers 10h20 les gens sont rentrés et se sont installés. Les tables étaient garnies de nourriture et de coloriage pour garder les petits occupés et contents. À 10h45, Père Noël, accompagné de Mère Noël, a fait une entrée dansante. Évidemment, les enfants étaient ravis de les voir. Ils leur ont fait chanter les chansons de Noël qui créa une atmosphère chaleureuse et festive. Peu après, les enfants se sont précipités en avant de la scène pour accueillir les chanteuses. Quelle belle énergie ces deux filles ont dégagé avec leurs nouveaux chants! Leur performance a incité tous les enfants à danser et à chanter avec elles. Après le spectacle, les enfants ont eu l’occasion d’interagir et de prendre des photos avec Père Noël et Hoy Lari. |
|
|
 |
 |
À la sortie, les enfants étaient réjouis de voir que Père Noël avait des cadeaux pour tous!
Tous les participants ont répondu à l’appel en apportant des denrées non-périssables pour la collecte de Jeunesse au Soleil. De plus, 2$ de chaque billet vendu a été remis à la clinique d’accouchement qui se trouve dans la région d’Akhourian. Avec les fonds amassés, il sera possible de parrainer cinq naissances dans cette cliniques qui offre des soins complets pré et post-natals.
Finalement, parents et enfants étaient enchantés de leur matinée remplie d’allégresse et de surprises! C’était un grand succès!
Tamar Kabasakalian |
ARS SOSSE CHAPTER'S ANNUAL BAZAAR - MONTREAL |
|
|
|
|
|
|
 |
ARS MONTREAL WALKATHON |
|
|
|
 |
ARS DAY 2009 - Montreal & Laval |
Armenian Relief Society Montreal "Sossé" and Laval "Shoushi" Chapters celebrated ARS Day on Sunday May 3th at Montreal Armenian Community Centre, under the auspices of His Eminence Archbishop Khajag Hagopian, Prelate. 300 guests attended the event .
The event was presided by ungh. Haigo Nahabedian. The speaker of the even t was ungh. Maro Froundjian, ARS Central Committee vice-chairperson, the MC was ungh. Zepur Assadourian.
The annual report and Sourp Hagop Armenian School annual allocation was presented by chapter chairpersons.
Mrs. Arminée Kasabian sung 2 songs and ungh. Houri Bedrosian accompanied her on piano. Miss Sonia Ajemian recited a poem and Alina Isra ielian played 2 pieces on piano.
Members who served the chapter for 15, 25, 35, 50 and 60 years were honoured.
In His Blessing, Archbishop Souren Kataroyan, praised the chapter’s hard work and dedication to the Armenian people. |
 |
ARS Montreal Sosse and Laval Sushi chapters celebrated International Women's Day on 8 March 2009 |
|
|
|
|
|
|
|
|
|
HAMEGH BADAR/HYE TASTE COOKING LESSONS |
| On Thursday March 19 2009 around 45 people (mostly young) gathered at Aharonian Hall to learn how to cook Armenian food with Levon Kaprielian
They cooked, ate and had fun.
The next lesson is on Thursday April 30th. |
|
|
|
|
|
|
|
 |
Petit déjeuner avec le Père Noël |
Le 6 décembre 2008, les enfants se sont éperdument amusés au « Petit déjeuner avec le Père Noël ». Ce joyeux événement, organisé par la Croix de Secours Arménienne, a connu un taux de participation extraordinaire. En effet, les billets se sont vendus comme des petits pains chauds, deux semaines à l’avance.
|
|
|
Voilà comment s’est déroulé ce bel avant-midi:
- De 10h à 11h, les enfants se sont régalés d’un délicieux petit déjeuner préparé par les membres du comité exécutif. Durant cette heure, il y avait, sur les tables, des projets de bricolage à compléter. Ce qui a permis aux enfants de fabriquer de petites décorations pour le sapin de Noël. Lors de cette activité, des lutins (7 jeunes adolescentes) ont aidé à la réalisation de ce projet.
- La compagnie « Zoe’s Party » a animé diverses activités de 11heures à midi. Les enfants ont pu s’amuser avec le jeu du parachute, se faire maquiller, danser et chanter avec les hula-hoop.
- Le moment tant attendu est enfin arrivé dans la dernière heure, lorsque le Père Noël s’est présenté en compagnie de Mère Noël. Juste avant la distribution des cadeaux, les enfants ont pu chanter les airs connus pour le Père Noël. Cent cinquante sept cadeaux emballés et étiquetés avec le nom de l’enfant, y compris des bas de Noel remplis de surprises, ont été distribués pour le plus grand plaisir de tous.
|
|
|
Tous les participants ont répondu à l’appel en apportant des denrées non-périssables pour la collecte de Jeunesse au Soleil. De plus, 2$ de chaque billet vendu a été remis à la maison des naissances qui se trouve à Akhourian. Avec les fonds amassés, il sera possible de donner des soins complets pré et post-natal à trois femmes.
En conclusion, le comité peut dire « mission accomplie! » puisque l’atmosphère familiale et chaleureuse démontrait à quel point les enfants se sont vraiment amusés en cette période des fêtes.
Tamar Kabassakalian |
 |
SOSSE CHAPTER'S NEW YEAR'S PARTY |
ARS Montreal Sosse chapter's New Year's party took place on Monday, January 12, 2009 at Aharonian Hall in Armenian Community Center. Ungerouhi Maro Froundjian, ARS Central Committee vice-chairperson, ungerouhi Arminee Karabetian, ARS Canada Regional Executive chairperson, ungerouhies from Laval Shoushi chapter along with 200 guests attended the party. |
|
|
| The MC of the event, ungh. Rita Ohanian, invited the sixth grade students of Sourp Hagop Vartkes and Asdghig Sarafian Elementary school to perform two plays directed by their Armenian teacher ungh. Loucine Palanjian. |
|
|
The chapter's chairperson ungh. Flora Guiragossian welcomed everybody and wished them a happy new year.
After dinner, which was provided by Sourp Hagop church's Board of Trustees, the guests sang and danced as DJ Garo played entertaining and fun music . |
|
 |
|